2009-06-11 13:23:20

Վատիկանեան տեղեկութիւններ`

Գերապայծառ Սարտի Մալթայի կարգի Կառավարիչ ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գերապայծառ Սարտին նշանակեց կառավարիչը Մալթայի իշխանապետութեան։ 74ամեայ գերապայծառը կը յաջորդէ կարտինալ Լակիին որ վախւանած էր անցեալ Դեկտեմբերին։



Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները Տիրամօր աւագ պազիլիքայի մէջ միատեղ ու լռելեայն աղօթք կատարած են աշխարհի խաղաղութեան համար։

Այս նոյն վայրին մէջ, ամէն տարի, Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին ի պատրաստութիւն, Պազիլիքայի գահերէց կարտինալը կը հրաւիրէ հաւատացեալները մասնակցելու 40 ժամուայ Ս. Հաղորդութեան երկիրպագութեան։ Սակայն այս տարի առաջին անգամուան համար, Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները կանչուեցան, Տիրամօր աւագ պազելիքայի մէջ, միտեղ ու լռելեայն աղօթք կատարելու աշխարհի խաղաղութեան համար։



Եւրոպայի մնայուն դէտը Եւրոպայի Միութեան մօտ` գերպ. Ճիօրտանոյի ելոյթը

Եւրոպայի մնայուն դէտը Եւրոպայի Միութեան մօտ` գերապայծառ Ճիօրտանօ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն աւարտին, ելոյթ ունեցած է ռատիովատիկանի հետ եւ յայտարարած՝ թէ 8 Յունիսի ընտրութիւններուն, հարկաւոր էր եւրոպացիներուն պարզել միացեալ Եւրոպայի իսկական, դրական ու նախախնամական կոչումը։ Վատիկանի դիւանագէտին գնահատումով միացեալ Եւրոպայի հիմնադիր Հայրերու գաղափարականը հարկաւոր է վերարծածել, այսինքն զարկ տալ Եւրոպայի մը կարող՝ դիմագրաւելու համաշխարհային հարցերը որոշ տեսութեամբ մը ու հեռանկարով։ Նոյնպէս գերապայծաօ Ճիօրտանօ մատնանշեց թէ Միացեալ Եւրոպան տակաւին բաւարար ջանք չէ թափած հասկնալու Արեւելեան Եւրոպան։ Վերջապէս Վատիկանի դիւանագէտին գնահատումով ՜՜Միացեալ Եւրոպան շատ դիւանակալական ու անկարգ կը թուի իր բնակիչներուն համար եւ այս պատճառաւ խանդավառութիւն չի յարուցաներ, մասնաւորապէս՝ նոր սերունդին մօտ։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.